Cilicia Bookstore

Cilicia Bookstore The Online Bookstore of the Armenia Catholicosate of Cilicia

22/12/2025

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ՝ ԵՐԿՈՒ ՀԱՏՈՐՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ գրող, գրաքննադատ, խմբագիր, կրթական, կուսակցական ու հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեանի նամականին՝ երկու հատորով, խորագրեալ «Նամականի՝ առաքուած եւ ստացուած նամակներ», խմբագրութեամբ Գէորգ Նաթալիի (Եազըճեան):

Յառաջաբանին մէջ խմբագիրը կը բացատրէ, որ հատորը ջանք մըն է մոռացութեան վտանգէն փրկելու Սիմոնեանի վաստակն ու ժառանգութիւնը, որոնք «Նամականի»ին մէջ կը հանդիսանան 1950-ականներու վերջէն մինչեւ 2010-ականներու սկիզբը՝ նամակագրութեան տիպի տակ: Ան կը բացատրէ, որ կարգ մը մարմիններու՝ արխիւներու պահպանման պարտն ու պատշաճը չկատարելուն հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Սիմոնեանի՝ ողջութեան ժամանակ հասկնալի պատճառներով նամակներուն կրկնօրինակները չպահելուն համար, մեզի հասած են միայն 67 անհատներու եւ 11 կառոյցներու առաքուած նամակներ, իսկ ստացած նամակները կը հաշուեն 107 միայն: Խմբագիրը կ՚աւելցնէ, որ եթէ նկատի ունենանք անհատներու, կառոյցներու եւ անոնց ենթակառոյցներուն առաքած նամակները, տոմսերը եւ զանազան գրութիւններ, թիւը կը մօտենայ 600-ի, որ նոյնպէս չի ներկայացներ իսկական պատկեր մը: Խմբագիրը նաեւ կ՚անդրադառնայ աշխատանքի ամբողջացման մարտահրաւէրներուն եւ անել կացութիւններուն:

Զոյգ հատորները 1190 էջերու մէջ կը պարունակեն նաեւ Պ. Սիմոնեանի կենսագրականը, ինքնակենսագրականը, անձնանուններու, տեղանուններու եւ կառոյցներու ցանկերը:

Սիմոնեանի «Նամականի՝ առաքուած եւ ստացուած նամակներ»ը կրնաք ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի գրատունէն, նաեւ՝ կայքէն.- www.ciliciabookstore.com։

10/12/2025
29/11/2025

ՀԱՍԿ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔԻ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ ԺԴ. ՏԱՐԻՆ
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրքի Նոր Շրջան ԺԴ. տարուան հատորը, խմբագրութեամբ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի եւ հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու մատենադարանապետ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի։

ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրքի յիշեալ հատորը ձօնուած է Վեհափառին հայրապետական գահակալութեան 30 ամեակին: Ան կը բովանդակէ 25 ուսումնասիրական յօդուածներ, խմբուած հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700 ամեակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակ, Մատենագրական, Արխիւ եւ Պատմութիւն, ի վերջոյ՝ Երաժշտական:

Ներածական իր խօսքին մէջ խմբագիր սրբազանը կ՚ընդգծէ, որ ՀԱՍԿ Հայագիտական Տարեգիրքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մշակութային եւ մասնաւորաբար հայագիտական առաքելութեան կարեւոր մէկ արտայայտութիւնն է։ Արդարեւ, երկար ընդհատումէ ետք, անցեալ տարի վերստին լոյս սկսաւ տեսնել տարեգիրքը՝ Արամ Ա. Հայրապետին խրախուսանքով։ Այս հատորը ընծայուած է հայագիտութեան զարգացման հովանաւոր Նորին Սուրբ Օծութեան հովուապետական ծաղկեալ գաւազանին լուսաւոր 30-ամեակին՝ մաղթելով բազում տարիներու հաւատքի առաքելութեան պտղաւորում։

Ուրախութիւն է անդրադառնալ այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ աջակցող եւ քաջալերող բարեգործ մեկենասներ միշտ ներկայ են, որոնցմէ տէր եւ տիկին Վահէ ու Յասմիկ Յովակիմեաններ, քրոջ ու եղբօր՝ Անահիտին ու Մուշեղին յիշատակը պայծառացնելու համար, սիրայօժար ստանձնած են ՀԱՍԿի ԺԴ. տարուան հրատարակչական ծախսերը։

Հայագիտական հարուստ բովանդութեամբ եւ ծաւալուն (647 էջ) սոյն հատորը կրնաք գնել՝ այցելելով Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» գրախանութ։

Նշենք, որ հատորին PDF տարբերակը շուտով պիտի տեղադրուի Կաթողիկոսութեանս պաշտօնական կայքէջին վրայ։

Address

Antelias
Beirut

Opening Hours

Tuesday 08:00 - 02:00
Wednesday 08:00 - 02:00
Thursday 08:00 - 01:00
Friday 08:00 - 02:00
Saturday 08:00 - 00:00
Sunday 08:00 - 01:00

Telephone

+9614410001

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Cilicia Bookstore posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Cilicia Bookstore:

Shortcuts

Share

Category